2015-07-22 11:40:00

Վատիկանի մէջ ստրորագրուած միացեալ յայտարարութիւն` մարդկային բնապահպանումի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 21 յուլիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին, աշխարհի զանազան վայրերէն մեծ Քաղաքներու քաղաքապետերուն հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին հայող` արդի ստրկութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան հարցերուն, բոլոր ներկաները Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը հայող` մարդու պատճառած կլիմայական փոփոխութիւններուն, ծայրայեղ աղքատութեան հետեւանքով ընկերային բացառութեան, արդի ստրկութեան ու մարդավաճառութեան հարցին։ 

Ստորագրեալները յայտարարեցին թէ գիտակցելով վերոյիշեալ հարցերու գիտական դրութեան ու հիմնուելով ''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականի հաստատած իրականութիւններուն, ի տես մարդկութեան ապագային հայող մարտահրաւէրներուն քաղաքները կարեւոր դերակատարութիւն մը ունին խաղալիք ու ամէն մին իր իւրայատուկ մշակութային աւանդոյթներով կը ճանչնայ իւրաքանչիւր անհատի բնորոշիչ արժանապատուութիւնը որ մաս է համայն մարդկութեան բարիքին ու ասոր համար հարկաւոր է յարգել, պահպանել եւ հոգ տանիլ ''մեր հասարակաց տան''։

Յայտարարութիւնը ապա կ՛անդրադառնայ աղքատութեան հարցին ինչպէս նաեւ մարդկութեան ձեռք բերած ''թեքնիքական'' յառաջդիմութիւններուն ու այս վերջինիս այս ուղղութեամբ օգտագործումին ։

''Աշխարհը պէտք է գիտակից ըլլայ թէ Փարիզի վեհաժողովը կրնայ ըլլալ վերջին հանգրուանը ուր կարելի է ձեռք բերել համաձայնութիւն մը որ կասեցնէ կենսոլորտի ջեռացումի աճը'' կը գրեն քաղաքապետերը յայտարարութեան մէջ հրաւիրելով Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան անդամ երկիրները մեծ պատասխանատուութիւն ցուցաբերելու։

Ստորագրեալները ապա իրենց յանձնառումը կը յայտնեն` աղքատներու եւ կարիքաւորներու պաշտպանութեան  ու անոնց զարգացումին ի խնդիր ինչպէս նաեւ բնութեան պահպանումին ու խնամքին ի սպաս։ Անոնք ապա յանձնառում կը յայտնեն պայքարելու բռնութեան, չարաշահումի եւ մարդավաճառութեան ու արդի ստրկութեան որեւէ երեւելոյթի դէմ որոնք ''մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ են''։ 

Մենք կ՛ուզենք - կը գրեն ապա Քաղաքապետերը իրենց յայտարարութեան աւարտին -  որ մեր քաղաքները դառնան միշտ աւելիով հիւրընկալող, ապահով, ճկուն ու կայուն ու այս ուղղութեամբ բոլոր շահագրգռուած կողմերն ու ոլորտները պէտք են իրենց բաժինը կատարել ու մենք որպէս քաղաքապետեր եւ անձեր առաւել եւս` յանձնառու ենք այս ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.